Ուրբաթ 28, Փետրուար 2025
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Քննարկումներու ընթացքին, հասկնալիօրէն, առաջնահերթութիւն ցուցաբերուած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին նկատմամբ։ Արծարծուած են Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարները՝ քանի Թուրքիա դէմ հանդէս կու գայ այդ բանին։
Կը հաղորդուի, որ Չավուշօղլու եւ Պլինքըն կանգ առած են նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան վրայ ու շօշափած՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Նախարար Չավուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ տեսակցած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։
Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022