19 ՄԱՅԻՍ-Ի ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՏՕՆԸ ԱՅՍՕՐ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի Մայիսի 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 103-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Պետական աւագանիին կողմէ պատգամներ ալ հրապարակուած են նոյն առթիւ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան, ազգային ազատագրական պայքարին տեսակէտէ անկիւնադարձային իրադարձութիւններու խորհրդանշանն է այս մեծ տօնը, որու կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդգծեց, որ 19 մայիս թուականին աշխարհին հռչակուած է թուրք ազգի անկախութեան նկատմամբ սէրը։ Այդ թուականին վերակենդանացած է անոր դիմադրութեան ոգին։ 19 մայիս 1919-ին թուրք ազգը կեղեքիչ ու բռնագրաւիչ ուժերու դէմ միասնաբար ոտքի կանգնած է ու համախումբ պայքարի մը ձեռնարկած է մեր վերջին ու յաւերժ պետութեան՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան համար։ Նախագահը նշած է, որ յաղթանակը ապահովուած է դիւցազնային հերոսութիւններով։
Այսօր ալ այդ պատմութեան աւիշով ու անկախութեան ոգիով Թուրքիան կը յառաջանայ դէպի ապագայ եւ պայքար կը մղէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը ձգտին արգիլել անոր բարգաւաճումն ու մեծնալը։ Մեծ ու հզօր Թուրքիա մը կառուցելու խանդավառութիւնը միշտ արթուն է։ Այս ճանապարհին ամենակարեւոր հնարաւորութիւնը կ՚ընկալուի երիտասարդութիւնը, որոնք բոլոր բնագաւառներէ ներս կը խրախուսուին եւ անոնց համար հնարաւորութիւններ կ՚ընծայուին։ Էրտողան նշած է, որ երկիրը որքան որ զարգանայ՝ երիտասարդութիւնն ալ այնքան աւելի հնարաւորութիւններու պիտի տիրանայ։ Ազգային գիտակցութեան ու դիմագիծի տէր երիտասարդները կ՚աշխատին ամբողջ ուժով եւ Էրտողանի խօսքով՝ թուրք երիտասարդութեան ներուժին նկատմամբ կայ մեծ վստահութիւն։ Ազգային, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւններու պարագային թուրք երիտասարդներու կողմէ ի յայտ բերուած տեսլականը եւ ջանքերը առիթ կը հանդիսանան, որ յանուն երկրի ապագային յոյսերը թարմացուին։ «Մեր երկրի 2023-ի նպատակները եւ 2053-ի տեսլականը կեանքի կոչելու համար պիտի շարունակենք ընթանալ մեր երիտասարդներուն հետ», նշած է նախագահը։
Հուսկ, նախագահ Էրտողան պատգամին մէջ շնորհաւորութիւններ յղած է օրուան տօնին առթիւ եւ յարգանքով ոգեկոչած՝ Անկախութեան պատերազմի բոլոր հերոսները՝ գլխաւորութեամբ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի։