«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԵԿԱԾ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը շարունակէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպել։ Արդէն յստակ ձեւաւորուած նախընթացներով ծրագիր մըն է այս մէկը, որու շրջանակներուն մէջ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն հետեւելու համար վերջին օրերուն Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն ներկայացուցիչներ այցելեցին Իսթանպուլ։ Անոնք թէ՛ հետեւեցան ընտրութիւններու ընթացքին եւ թէ շփումներ ունեցան համայնքային շրջանակներուն հետ։ Թրքահայ գործիչներու մեկնաբանութիւնները լսեցին ընտրութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ։ Հիւր լրագրողներու խումբը կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի կողմէ։ Անոնք երէկ այցելեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր կը նշուէր Համբարձման տօնը։ Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հիւանդանոցի համալիրէն ներս կատարեցին շրջայց մը՝ մասնաւորապէս ծանօթանալով թանգարանին։
Երէկ, օրուան առաջին կէսին, Հայաստանէն ժամանած լրագրողներու խումբը այցելեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Այսպէս մեր հիւրերն էին «Արմէնփրէս» գործակալութենէն Արաքս Կասեան, «Առաւօտ» օրաթերթէն Տաթեւ Յարութիւնեան, «Փանորամա» կայքէջէն եւ «Newmag» հրատարակչութենէն Անի Աւետեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանէն Կառլէն Ասլանեան եւ «Սիվիլնեթ»էն Կէորկի Միրզաբէկեան։ Հիւրերուն ուղեկցեցան «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի Հայաստանի ծրագրերու գծով պատասխանատու Թալին Սիւզմէ, նոյն հիմնադրամի Երեւանի ներկայացուցիչներէն Արմենուհի Նիկողոսեան եւ քաղաքիս աշխատակցուհիներէն Երազ Օլկունտեմիր։ Անոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի եւ սիւնակագիրներէն Պիանքա Սարըասլանի հետ։ Երիտասարդ լրագրողները ողջունեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան։
Հանդիպման ընթացքին այցելու լրագրողները մասնաւորապէս հետաքրքրուեցան ընտրութիւններու արդիւնքներով, քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններու թրքահայութեան վրայ հաւանական ազդեցութիւններով, Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի հեռանկարներով։
Հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները երէկ երեկոյեան արդէն վերադարձան Երեւան։