ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ
Յունահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Խորէն Աբեղայ Առաքելեան, ընկերկացութեամբ Թեմական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մերուժան Հարթենեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետ Տիգրան Աբասեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի հոգեւոր առաջնորդ Տ.Տ. Հերոնիմոս Բ.-ի հետ։ Հայր Սուրբը հոգեւոր առաջնորդին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան հրաւէրը՝ ներկայ գտնուելու Սեպտեմբեր 27-ին կայանալիք միւռոնօրհնութեան արարողութեան։ Բարձրաստիճան եկեղեցականը իր հերթին ողջոյն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար։ Ընդգծելով Հայ Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Սրբազանը մաղթեց Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը եղբայրական երկու ժողովուրդներու համատեղ կեանքէն ներս, մանաւանդ այս դժուարին օրերուն։