ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյծի Թակուչի այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը նշանակման առթիւ շնորհաւորեց Էյծի Թակուչին եւ յոյս յայտնեց, որ նոր դեսպանի գործունէութեան շնորհիւ հայ-ճաբոնական յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը ջերմանան, երկու բարեկամ ժողովուրդներու համար կը բացուին համագործակցութեան նորանոր հեռանկարներ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուող աջակցութեան ուղղութեամբ։
Իր հերթին, դեսպան Էյծի Թակուչի նշեց, որ մեծ ուրախութեամբ ստանձնած է Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպանի պարտականութիւնները, քանի որ տեղեակ է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակութային հարուստ կեանքին եւ խորին յարգանք կը տածէ հայութեան հանդէպ։ Դեսպանը նաեւ տեղեկացուց, որ իր գործունէութեան ընթացքին մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ երկու ժողովուրդներու միջմշակութային կապերու ամրապնդման։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։