ԲԱՆԱԿԸ ՄԵՆՊԻՉԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ որդեգրուած ճանապարհային քարտէսը կեանքի կը կոչուի աստիճանաբար։ Այսպէս, Թուրք զինեալ ուժերը երէկ մուտք գործեցին Սուրիոյ Մենպիչ քաղաքը։ Կը հաղորդուի, որ բանակը սկսած է անկախ հերթապահութիւն կատարել քաղաքի շրջակայքին։ Այնտեղ են նաեւ ԱՄՆ-ի զօրքերը։ Փենթակոնի պատասխանատուները տեղեկացուցին, որ սա մաս կը կազմէ Թուրքիոյ տրուած խոստումներուն։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ անդրադարձաւ այս իրադարձութեան։ Ըստ իրեն, ահաբեկչական կազմակերպութիւնները դուրս պիտի բերուին Մենպիչէն, մաքրագործումը պիտի կատարուի փուլ առ փուլ։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա այս արդիւնքին հասած է դիւանագիտական ճանապարհով։ Անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան Թուրքիոյ սահմանամերձ տարրերը լքած են Մենպիչի մէջ իրենց տեղակայուած կէտերը։ «Առաջ Աստուած փուլ առ փուլ տարածքաշրջանը ամբողջութեամբ պիտի մաքրագործենք ահաբեկիչներէն», ըսաւ Էրտողան։  

 

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018