ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւնները կը մնան առկայ՝ Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերուն եւ Ֆ-35 ամերիկեան ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ հարցերուն բերումով։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ նամակ մը ուղարկեց ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շանահանին։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը աւելի քան տասն օր առաջ Հուլուսի Աքարին ուղարկած էր սպառնական ոճով նամակ մը։ Ան յայտնած էր, որ Թուրքիա Ս-400 հրթիռները ձեռքբերելու պարագային դուրս պիտի թողուի Ֆ-35-երու ծրագրէն։ Պատասխան նամակին մէջ Աքար ընդգծեց, որ Թուրքիա կողմնակից է դաշնակցային ոգիի համապատասխան վարուիլ։ Յառաջիկայ շաբաթ Աքար եւ Շանահան պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի հաւաքի ծիրէն ներս։ «Կ-20»ի Օսաքայի գագաթաժողովին ընթացքին ալ հանդիպում մը նախատեսուած է երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 19, 2019