ԱՇԽԱՐՀԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համավարակի աւարտէն վերջ մտադիր է վերադառնալ ATOM նախագահական նախաձեռնութեան, որու նպատակն է երկիր առաջնորդել միջազգային կազմակերպութիւններ եւ արհեստական բանականութեան զարգացման համար տարրալուծարաններ ստեղծել։ Նախագահ Սարգսեան համոզուած է, թէ սա ապագայի հիմնարար գործիք մըն է, սնունդի արտադրութեան, գիւղատնտեսութեան, միջպետական յարաբերութիւններու, քորոնաժահրի դէմ պայքարի, կենսաբանական փորձագիտութիւններու զարգացման, առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու համար։ «Աշխարհ կ՚երթայ դէպի նոր ելեկտրոնային դրամատնային համակարգ եւ ելեկտրոնային սպասարկում։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ պիտի ըլլան բազմաթիւ գործիքներ, որպէսզի այդ համակարգերը ըլլան արդիւնաւէտ» յայտնեց Արմէն Սարգսեան։

Արմէն Սարգսեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Ազգ» թերթին, նաեւ ամերիկահայ «Պայքար» եւ Armenian Mirror-Spectator թերթերուն։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ ներկայիս առաջնային դարձած է պայքարը մարդոց կեանքի եւ առողջութեան համար։ «Մեզի համար կարեւորագոյն հարցեր կը դառնան քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ռազմավարութեան, տագնապի կառավարման եւ բժշկական անձնակազմի համալրման խնդիրները։ Այսօր եւ քորոնաժահրէ յետոյ պէտք է գիտակցինք, որ առողջութիւնը եւ առողջապահութիւնը թէ՛ համաշխարհային ծաւալով եւ թէ Հայաստանի մէջ պիտի դառնան առաջնահերթ», ըսաւ Սարգսեան եւ ընդգծեց, որ թէ՛ բարոյական եւ թէ համաշխարհային տնտեսութեան տեսակէտէ ակնյայտ են առարկայականօրէն ժխտական հետեւանքները։

Հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ պէտք է ունենալ յստակ տեսլական, աշխարհի զարգացման համահունչ տեսլական մը։ «Հայաստանի մէջ պէտք է ամէն ինչ զարգացնել՝ գիւղատնտեսութենէն սկսեալ, մինչեւ ժամանակակից փորձագիտութիւններ», ըսաւ նախագահը, որու համոզմամբ Հայաստանի պարէնային անվտանգութեան խնդիրը պէտք է ընկալուի առաջնահերթութիւն։ Ան էական կը համարէ պարէնի անվտանգութեան ոլորտէ ներս Հայաստանը տարածքաշրջանային հանգոյց մը դարձնելու գաղափարը։ Արմէն Սարգսեան այս ուղղութեամբ քննարկումներ ունեցած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներու եւ մասնագիտական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ եւ մտադիր է շարունակել այդ բոլորը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020