Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՋՈՒՐԻ ՅԱՏԱԿԻՆ ԳԻՒՂ ՄԸ
Իտալիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել Թոսքանա մարզին մէջ գտնուող Վալի լիճի տակ մնացած երբեմնի գիւղը։
Ֆապրիքէ տէ Քարեճին անունով այս գիւղը հիմնուած է 12-րդ դարուն, սակայն 1946-ին այստեղ ջրաելեկտրակայանի կառուցման նպատակով ամբարտակ ստեղծուած է ու գիւղը մնացած է ջուրի տակ։ Ֆապրիքէ տէ Քարեճին գիւղի տարածքին կը գտնուին քարէ տուներ, գերեզմաններ, կամուրջ ու եկեղեցի։
Իտալիոյ ղեկավարները տակաւին 2015 թուականին կոչ ուղղած են լիճը չորցնելու, վերականգնելու գիւղը ու անոր միջոցով տարածքաշրջանը դարձնելու զբօսաշրջային կեդրոնի։ Վերջերս նախկին քաղաքապետի դուստրը՝ Լորենցա Ճորճի «ֆէյսպուք»ի իր օգտահաշիւին մէջ յայտնած է, որ լիճը պիտի չորցուի յառաջիկայ տարի ու յատակէն դուրս պիտի գայ Ֆապրիքէ տէ Քարեճին գիւղը։
Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020