ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ, ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ…

Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները կը շարունակեն ընթանալ չափազանց հետաքրքրական եւ ուշագրաւ հունի մը մէջ՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին դուռ բանալով նոր վարկածներու։ Վերջին օրերու իրադարձութիւնները եւ անոնց համընկնած այլ պարագաներ կամայ թէ ակամայ եկած են նոր իրադրութիւն մը ստեղծել եւ նոր ամբողջ մը կազմել։ Զանազան պատճառահետեւանքային կապերով, վերջին երկու տարիներուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը կը մեկնաբանուին նոր խմորումներու եւ հաւանութիւններու լոյսին տակ։ Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան տարիները կ՚առանձնանան որոշ քաղաքական կամքով՝ երկրէն ներս դրամագլուխն ու քաղաքական համակարգը տարանջատելու տեսակէտէ, սակայն, անվիճելի է նաեւ, որ Հայաստան շարունակական ցնցումներու յորձանուտին մէջ յայտնուած է։ Աղմկարար դէպքեր, բեւեռացումներ եւ խնդրայարոյց ժամկէտով քայլեր, որոնք իշխանութեան կամքը կը համատեղեն անցեալի վերաբերեալ վրէժխնդրութեան պնդումներու հետ։

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ ուշագրաւ վճիռ մը արձակեցին, որպէսզի երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան գրաւի դիմաց դուրս գայ բանտէն։ Ծանօթ է, որ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերով եւ երկար ժամանակէ ի վեր բանտարկուած էր։ Վերջին շրջանին վատթարացած իր առողջութեան պայմաններուն ներքեւ օրակարգի վրայ եկած էր իր խափանման միջոցի փոփոխութիւնը։ Բաւական խնդրայարոյց եւ երկարատեւ գործընթացէ մը վերջ, Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ վճիռ արձակեցին, որպէսզի Ռոպերթ Քոչարեան գրաւի դիմաց բանտէն դուրս գայ։ 4.2 միլիոն ամերիկեան տոլարի համապատասխան հայկական դրամ նախատեսուած է՝ որպէս գրաւ։ Սա իսկապէս աստղաբաշխային գումար մըն է, սակայն էական նշանակութիւն չունի Քոչարեանի ազատ արձակման պարագայի իմաստը բիւրեղացնելու տեսակէտէ։ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտէ դուրս գալը կարեւոր փոփոխութիւն մը կը համարուի Հայաստանի քաղաքական համայնապատկերին վրայ։ Մինչ այդ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը որոշած է բողոքարկել՝ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատ արձակման վերաբերեալ դատավճիռը։

Քոչարեան ազատ արձակուած է այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ աղմկարար այլ իրադարձութիւն մը կը զբաղեցնէ Հայաստանի օրակարգը։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին դատավարութիւնը երէկ ալ շարունակուեցաւ։ Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ կ՚ընթանայ դատավարութիւնը, որու արդիւնքով պիտի որոշուի Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցը։ Շատ հաւանական է, որ ան բանտարկուի։ Մինչ այդ, ԲՀԿ-ական երեսփոխաններու բնակարաններէն եւ գրասենեակներէն ներս ալ տեղի ունեցած են խուզարկումներ։ Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները այս առաւօտեան դրութեամբ արդէն մեղադրանքներ առաջադրեցին նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի եւ ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, որոնց շարքին է Լեւոն Երանոսեան։

Այս իրավիճակին մէջ, երէկ հետաքրքրական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, կառավարութեան երէկուան ժողովի ընթացքին ան ըսաւ. «Կառոյցներ կան երեսուն տարի Հայաստանին ըսած են պայքարեցէք փտածութեան դէմ, պայքարեցէք ընտրակաշառքներու դէմ, պայքարեցէք ընտրակեղծիքներու դէմ։ Հիմա, որ իսկական պայքար սկսած է, կ՚ըսեն՝ ինչու կը ճնշէք ընդդիմութիւնը։ Երեսուն տարուայ կաշառակերները հիմա ընդդիմադիր են… Սա շատ լաւ ձեւ է՝ ես ընդդիմութիւն եմ, ինծի բան մի՛ ըսէք։ Ընդհանրապէս պէտք է այս հարցերուն մէջ կողմնորոշուիլ։ Ո՛ր ուղղութեան վրայ կ՚երթաս, կը պարզուի սխալ է։ Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ կ՚ուզեն մեր ձեռքերն ու ոտքերը կապել եւ ըսել՝ ոչ մէկ բան ըրէք»։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020