ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԻԱՍԻՆ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որ կը գլխաւորէ «Հայաստան» դաշինքը, վաղուան արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։

*

Սիրելի ժողովուրդ,

Աւարտին մօտեցաւ արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը։ Անցեալ մէկ ամսուան ընթացքին խմբակիցներուս հետ շրջեցանք ամբողջ Հայաստանը։ Վաղուց՝ 13 տարիէ ի վեր ձեզի հիւր չէի եղած, շնորհակալ եմ հիւրընկալութեան ու ջերմ ընդունելութեան համար։ Այս օրերուն հազարաւոր մարդկանց ձեռք սեղմած եմ, նայած եմ անոնց աչքերուն։ Չեմ թաքցներ՝ կը փորձէի հասկնալ՝ արդեօք փոխուա՞ծ էք այս տարիներու ընթացքին։ Ու մեծ ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ՝ չէք փոխուած, մնացած էք աշխատասէր, տաղանդաւոր, պարզ խօսող, վատն ու լաւը տարբերող։

Կարճ ըսած՝ շատ ուրախ եմ, որ դարձեալ միասին ենք։ Հիմա ընտրութիւններու մասին՝ երկու բառով։

Յունիսի 20-ը ճակատագրական օր է։ Ընտրութիւն կը կատարէք արժանապատիւ խաղաղութեան ու նուաստացած խայտառակութեան միջեւ։ Ընտրութիւն կը կատարէք բարեկեցիկ կեանքի եւ անյոյս աղքատութեան միջեւ։

Վստահ եմ, որ այլեւս պիտի չխաբուիք։ Սուտը, տգիտութիւնն ու պիղծը պիտի մերժէք։

Կոչ կ՚ընեմ ձեզի՝ եկէք դարձեալ շէնացնենք մեր տունը, մեր Հայաստանը։ Յարատեւ խաղաղութիւն հաստատենք։ Վերականգնենք մեր արժանապատուութիւնը։ Բուժենք վէրքերը։ Յաւերժացնենք մեր հերոսներն ու իմաստ հաղորդենք անոնց սխրանքին։ Մեր ամենօրեայ տքնաջան աշխատանքով առողջ, կիրթ, բարեկեցիկ կեանք կերտենք մեր երեխաներու ու մեր թոռներու համար։ Սա պէտք է ըլլայ մեր կատարելիք ընտրութեան իմաստը։ Եւ ընդհանրապէս՝ մեր ապրած կեանքի իմաստը։ Վստահ եմ, որ չէք սխալիր։ Իսկ դուք վստահ եղէք, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։ Դէպի ուժեղ Հայաստան…

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021