ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։

*

Սիրելի հայրենակիցներ,

Աւարտեցաւ նախընտրական քարոզարշաւը։

Քաղաքական ուժերը հնարաւորութիւն ունէին աւելի քան տասն օրուայ ընթացքին ներկայացնել այն ծրագրերն ու նպատակները, որոնք կը պատրասուին իրականացնել ձեր քուէները ստանալէ յետոյ։

Ցաւօք, այս ընթացքին եղան նաեւ անհանդուրժողականութեան, վիրաւորանք, սպառնալիքի դրսեւորումներ, պատահեցան նաեւ դէպքեր, որոնք յարիր չեն ժողովրդավարութեան ձգտող կամ ժողովրդավարութեան մասին խօսող որեւէ քաղաքական ուժի կամ գործիչի։

Անթոյլատրելի, անընդունելի եւ խստօրէն դատապարտելի են իրաւական ու բարոյական սահմանները հատելը, իրավիճակը լարելը, առաւել եւս՝ ատելութիւն եւ թշնամանք հրահրելու բոլոր փորձերը։

Կոչ կ՚ուղղեմ ընտրութիւններուն մասնակից բոլոր կուսակցութիւններուն ու դաշինքներուն, պատգամաւորի բոլոր թեկնածուներուն, որպէսզի իրենց գործողութիւններուն եւ գործելակերպին մէջ ըլլան զուսպ եւ կշռադատուած, զսպուածութեան կոչեն նաեւ իրենց համակիրներն ու կողմնակիցները, ըլլան հանդուրժող ու յարգալից, յանուն քաղաքական նպատակներու չխախտեն բարոյականութեան սահմանները։

Իրաւապահ մարմիններէն կը պահանջեմ, որ անոնք խստագոյնս կանխեն օրէնքի եւ իրաւունքի որեւէ խախտում, ըլլան անաչառ, դրսեւորեն առաւելագոյն պատասխանատուութիւն, գործեն օրէնքին հաւատարիմ։

Այս ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան բարդ, ճգնաժամային իրավիճակի մէջ, վճռորոշ նշանակութիւն ունին մեր երկրին ու ժողովուրդին համար։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր լռութեան օր է։ Իսկ կիրակի՝ յունիսի 20-ին, իւրաքանչիւրը պէտք է կատարէ իր ընտրութիւնը։

Որ քաղաքական ուժին ալ նախապատուութիւն տաք, ինչպէս որ ալ ըլլայ ձեր որոշումը, յիշեցէք, որ սա որոշում է՝ յանուն հայրենիքի, յանուն մեր պետութեան, յանուն ձեր եւ ձեր ընտանիքի վաղուայ օրուան։

Քուէարկեցէք արդար ու ազատ, հաշուետու եղէք միայն ու միայն ձեր խղճին։

Յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք։

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021