Արթուր Աբրահամ ՅաղթաԿԱՆ
Պերլինի մէջ (Գերմանիա), գտնուող «Մաքս Շմելինկ» մարզահամալիրէն ներս, 16 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ նորվեկացի Թիմ-Ռոպին Լիհաուկի ճակատումը:
Աբրահամ նախքան հանդիպումը՝ նշեց, որ իրեն համար կարեւոր էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը վերադարձնելը, եւ տեղի ունենալիք այս մենամարտը իրեն համար մեծ քայլ մըն է դէպի իր այդ մեծ նպատակի իրականացումը:
Իր կարգին, քսաներեք տարեկան նորվեկացին ըսաւ, որ պիտի պայքարի յաղթանակ արձանագրելու համար:
WBO-ի վարկածով 2-րդ կէսմիջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 50-րդ մենամարտը՝ յաղթելով նորվեկացի Թիմ-Ռոպին Լիհոկին:
Թէեւ այս մենամարտին առաջին 4 ռաունտերը անցան հաւասար պայքարով, սակայն 5-րդ եւ 7-րդ ռաունտերուն, ինչպէս նաեւ 8-րդին, 23 տարեկան նորվեկացին հետզհետէ սկսաւ չդիմանալ Աբրահամի հարուածներուն:
8-րդ ռաունտին Թիմ-Ռոպին իր մարզիչէն խնդրեց մենամարտը ընդհատել, եւ այսպէսով, 36 տարեկան Արթուր Աբրահամ թեքնիկ-նաք-աութով յաղթական դուրս եկաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ այժմ Աբրահամ ախոյենութեան գօտիին թեկնածու կը դառնայ: