ՇԻՇԼԻԻ ՓՈԽ-ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՃԵՄԻԼ ՃԱՆՏԱՇ ԶՈՀ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ
Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Ճեմիլ Ճանտաշ երէկ զոհ գնաց մահափորձի մը։ Շինութիւններու եւ թոյլտուութեան վկայականներու գծով փոխ-քաղաքապետ Ճեմիլ Ճանտաշ երէկ յարձակման ենթարկուեցաւ քաղաքապետարանի իր աշխատասենեակին մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան շէնքէն ներս ժամը շուրջ 15.30-ին երէկ լսուեցան չորս-հինգ կրակոցներ։ Գլուխէն վիրաւոր Ճանտաշ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն բժշկական միջամտութիւնները բաւարար չեղան իր կեանքը փրկելու համար։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քաղաքապետարանի աշխատակիցները ցնցուեցան այս արիւնալի դէպքին հետեւանքով։
Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, ականատեսներու վկայութեամբ, յարձակումը իրականացուեցաւ երկու հոգիի կողմէ, որոնք ձերբակալուելով տարուեցան ոստիկանութեան բաժանմունք։ Թերթերը նոյնպէս կը գրեն, որ մահափորձին պատճառ դարձածներէն մին շինարար մըն է։