ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱԿԸ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս վերջին շրջանին յառաջացած խնդիրները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Վերջին օրերու իրադարձութիւններուն շուրջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութիւնով։

Շատ սիրելի հայրենակիցներ, հոգեւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,

Յայտնի նախաձեռնութեան անդամները երկու օր առաջ արգելափակած էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Վայոց Ձորի մարզին մէջ՝ Գնդեվանք կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին: Բոլորս ցաւով, զայրոյթով, հիասթափութեան զգացումներով տեսանք տարածուած տեսանիւթերը: Երէկ ալ լսեցինք մեր սիրելի վարչապետի մօտեցումները հարցին շուրջ, որ բարձրաձայնեց ի պատասխան Դիմագրքի օգտատէրերու հարցադրումներուն: Նախ շնորհակալ եմ Պարոն Փաշինեանին, որ ոստիկանութեան յանձնարարած է ուսումնասիրել յատկապէս Վայոց Ձորին մէջ տեղի ունեցածի հետ կապուած հարցը եւ աւելի արդիւնաւէտ գործել: Սակայն կ՚ուզեմ պնդել, որ ասիկա ներեկեղեցական հարց չէ: Ներեկեղեցական հարցերը հոգեւորականները ի զօրու են հաւաքուիլ ու քննարկել: Վստահ եմ նաեւ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը՝ սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս, յայտնի խումբի ու անոր պարագլուխի «միջնորդութեան» կարիքը չունի:

Հարցը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձի արժանապատուութիւնը վիրաւորելուն, տեղաշարժուելու սահմանադրական իրաւունքը սահմանափակելուն, ինչպէս նաեւ անոր հասցէին հնչեցուած սպառնալիքներուն՝ այս պարագային Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: Հարցը նաեւ կը վերաբերի հաւատացեալներու լայն զանգուածներու պաշտամունքը խոչընդոտելուն:

Որ՞ն է սահմանը խօսքի ազատութեան: Արդեօք ապատեղեկատուութիւնը, կեղծիքն ու զրպարտութի՞ւնը, որոնցմով ողողուած է համացանցը, կը տեղաւորուին խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ: Մենք իրաւական պետութիւն կը կերտենք եւ այս պարագային պէտք է ոմանք հասկնան ու չշփոթեն ազատութիւնը ամենաթողութեան հետ:

Մեր խնդրանքն է, յորդորն ու պահանջը, որ մանաւանդ Վայոց Ձորի դէպքերուն տրուի իրաւական գնահատական եւ յետագային ոստիկանութիւնը ըլլայ առաւել աչալուրջ:

Ես մեծապէս հիացած եմ Վեհափառ Հայրապետի համբերատարութեամբ:

Յ. Գ.- Այս խումբը ընդունակ է ափերէն հանել ցանկացած անձի՝ ընդհուպ ամենահամբերատար մարդոց: Իսկ հոգեւորականները մարդիկ են, ունին զգացումներ, հետեւաբար՝ մի՛ զարմանաք անոնց քայլերուն, երբ համբերութեան գաւաթը լեցուած է:

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018