ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանը, որուն ի պատիւ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը։ Տիգրան Աւինեան Նիւ Եորք մեկնած էր մասնակցելու համար ՄԱԿ-է ներս տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքին ներկայ գտնուեցան ՄԱԿ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար Մովսէս Աբէլեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան, Շիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թադոսեան, Հայ Աւետարանական համաշխարհային ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեան, ամերիկահայ յայտնի ազգային գործիչ Ասօ Դաւիթեան, Նիւ Ճըրզիի Հայկական ռատիօժամի տնօրէն Վարդան Ապտօ եւ այլք։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Նազարէթ Ֆըստըքճեան, Արտա Յարութիւնեան եւ Հայկ Արիեան։
Տիգրան Աւինեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ թէեւ բարեգործութիւնը լաւ է, սակայն Հայաստանի պարագային այժմ արդէն խօսքը բարեգործութեան մասին չէ։ Արդարեւ, մասնաւորապէս սփիւռքի կապակցութեամբ շատ աւելի նախընտրելի են գիտելիքը, փորձառութիւնը եւ մասնագիտութիւնը։
Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ ընդգծեց, որ առանց մայր հայրենիքի հայ ազգը գոյութիւն չի կրնար ունենալ, ուստի, Հայաստանի բարգաւաճման նպաստելը ՀԲԸՄ-ի կողմէ կը համարուի առանցքային առաքելութիւն։ Հայաստանի բարգաւաճումը բանալիի դեր կրնայ ունենալ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ մրցունակ խաղացող մը դառնալու տեսակէտէ։