ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Այս օրերուն, Երեւան կ՚այցելէ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, որու այցելութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ։ Ան Երեւանի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Պերեճիքլեանը հիւրընկալելու ժամանակ ըսաւ. «Ուրախ եւ հպարտ ենք Աւստրալիոյ մէջ ձեր ծաւալած գործունէութեամբ։ Դուք այսօր աշխարհի ամենաազդեցիկ հայ կիներէն մին էք եւ հաճելի է հանդիպելու հնարաւորութիւնը»։ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ շնորհիւ Պերեճիքլեանի գործունէութեան՝ աւելի կը զարգանան Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ու կ՚ընդլայնին փոխադարձ հետաքրքրութիւնները։

Իր կարգին, Պերեճիքլեանն ալ ներկայացուց Նոր Հարաւային Ուելս նահանգէն ներս ծաւալած գործունէութիւնը ու պատմեց Աւստրալիոյ հայ համայնքի կեանքին մասին։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019