ՎԱՐՊԵՏԻ ՄԵԾ ԱՒԱՆԴԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր այցելեց անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի բնակարան-արուեստանոցը։ Հոգելոյս նկարչի այրիին՝ Մարի Յակոբեանի եւ դստեր՝ Նորա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց բնակարանէն ներս, ուր իրեն ներկայացուեցան մեծանուն վարպետի կտաւներն ու իւրայատուկ քանդակները։
«Շատ կը սիրեմ Յակոբի գործերը։ Անոնց մէջ հանգստութիւն կայ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ Յակոբ Յակոբեան բացառիկ արուեստագէտ մըն էր։
Յակոբեան ընտանիքի անդամներուն հետ զրուցելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան պատմեց իր նախաձեռնութեան մասին, որով կը նախատեսուի նախագահական ապարանքէն ներս կազմակերպել մշակութային զանազան ձեռնարկներ։ Այդ շրջանակէն ներս մտադրութիւն կայ ներկայացնելու հայ մեծերու գործերը։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ իր նախաձեռնութիւնը ունի միակ նպատակ մը, որն է կրկին յիշել հայոց մեծ արուեստագէտները, որոնք հսկայական հետք թողած են եւ որոնց ստեղծագործութիւնները մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ «Յակոբ Յակոբեան առաջիններէն է լաւագոյններու շարքին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։
Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ նկարչի ընտանիքի անդամները զրոյցի ընթացքին համակարծիք գտնուեցան, թէ եթէ կարելի ըլլայ Յակոբ Յակոբեանի թանգարան մը բանալ, ապա այդ մէկը մշակութային մեծ արժէք մը կը դառնայ Հայաստանի տեսակէտէ։