Երկուշաբթի 27, Յունուար 2025
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վարշաւիա, ուր կը հիւրընկալուի Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ երկրի ղեկավարութենէն այլ յառաջատար դէմքերու հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան՝ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ Երեւան-Վարշաւիա համագործակցութիւնը։ Կողմերը կը քննարկեն նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վարշաւիոյ մէջ նախատեսուած է նաեւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Զպիկնիեւ Ռաուի համատեղ մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին կ՚ամփոփուին բանակցութիւններու արդիւնքները։
Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022