ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ վերստին թեկնածու եղած է այդ պաշտօնին համար ու նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ վերջերս ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։ Ձախող մահափորձին բերումով Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնեց Թրամփին՝ ընդգծելով, որ դէպքը կը համարուի ժողովրդավարութեան դէմ յարձակում մը։ ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Տանըլտ Թրամփին հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան յայտնեց, որ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը բարեբեր ըլլայ թէ՛ ԱՄՆ-ի ժողովուրդին եւ թէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ, այնպիսի ժամկէտի մը, երբ կը հրապարակուին լուրեր, ըստ որոնց, ձախող մահափորձէն վերջ Թրամփի ժողովրդական նեցուկը սկսած է բարձրանալ։ ԱՄՆ-ի այժմու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ նոյնպէս վերառաջադրուած է, այս շրջանին կը ջանայ դիմագրաւել ժողովրդական յենարաններու լուրջ անկումի մը մարտահրաւէրը։ Ճօ Պայտընի թեկնածութենէ հրաժարելու հաւանականութիւնը միջազգային լրահոսին մէջ առաջնահերթ նիւթ դարձած է՝ մինչ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը ան տեղեկացուց, որ քորոնաժահրով վարակուած է։

Միջազգային բոլոր դերակատարները այս շրջանին սկզբունքօրէն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն՝ ընտրուելու պարագային Տանըլտ Թրամփի հետ աշխատելու ուղղութեամբ։ Այս հանգամանքը դուռ կը բանայ այն մեկնաբանութիւններուն, թէ Թրամփի վերընտրուելու հաւանականութիւնը բաւական բարձր է։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2024