ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Եւրոպայի մէջ նոր սահմանափակումներ կը սահմանուին։ Այսպէս, եւրոպական որոշ երկիրներու իշխանութիւնները կը փորձեն զսպել քորոնաժահրի տարածումը: «Euronews»ը կը տեղեկացնէ, որ Սպանիայի կառավարութիւնը որոշած է յաւելեալ միջոցներ ձեռնարկել, մասնաւորապէս, «տիսքոթէք»ները, գիշերային ակումբները փակել, ինչպէս նաեւ սահմանել ծխելու արգելքը փողոցի եւ այլ հասարակական վայրերու մէջ, երբ չկայ հնարավորութիւն պահպանելու 2 մեթր ընկերային հեռաւորութիւնը: Վերջին երկու շաբաթուայ ընթացքին Սպանիայի մէջ արձանագրուած է քորոնաժահրով վարակուածներու շուրջ 50 հազար նոր դէպք, օրուայ կտրուածքով՝ 3 հազար 500:

Այս զարգացումներու հեռապատկերին Գերմանիան Սպանիան, բացառութեամբ Քանարեան կղզիներու, առած է համաճարակային առումով ոչ-բարենպաստ իրավիճակ ունեցող երկիրներու ցանկին:

Մեծն Բրիտանիան դարձեալ մեկուսացման երկու շաբթուայ շրջան սահմանած է Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն եւ Մոնաքոյէն եկող քաղաքացիներու համար։ Իսկ Ֆրանսայի տարածքին ներկայիս կը գտնուի աւելի քան 160 հազար բրիտանացի զբօսաշրջիկ:

Ֆրանսայի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու օրական դէպքերը կը մօտենան 3 հազարի։ Վերջին երեք օրուայ ընթացքին երկրէն ներս աշխուժացած է վարակի տարածումը։ Փարիզն ու Մարսէյլը ներառուած են «կարմիր գօտի»ի մէջ եւ տեղական իշխանութիւնները ստացած են նոր սահմանափակումներ կիրառելու թոյլտուութիւն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020