ԾԽԵԼԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ԼՈՂԱՓՆԵՐՈՒՆ

Մարսէյլի մէջ, Ֆրանսա, կ՚արգիլեն քաղաքի լողափներուն ծխելը։ Այսպէս, Մարսէյլի իշխանութիւնները օգոստոսի 15-էն սկսեալ արգիլած են քաղաքի լողափներուն ծխելը: Կը ծրագրուի, որ արգելքը շարունակուի առնուազն մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը, բայց կրնայ երկարաձգուիլ նաեւ ձմեռնային ժամանակաշրջանին։

Այժմ Ֆրանսայի տարածքին բացառիկ տաք կ՚ընէ, ինչ որ վատ կ՚ազդէ մարդոց առողջութեան վրայ։ Տեղւոյն առողջապահական կազմակերպութենէն յայտարարած են, որ եթէ կիզիչ արեւին բարդենք նաեւ ծխախոտի ծուխը, ապա լողափնային հանգիստը կրնայ լուրջ բեռ դառնալ մարմնին վրայ:

Սոյն նոր արգելքէն կրնան օգտուիլ նաեւ ծովային կենդանիները: Ինչպէս յայտարարած են Մարսէյլի քաղաքապետարանէն, ջուրը ինկած ծխախոտի մնացորդը ծանր մետաղներով եւ վառելանիւթերով կ՚ապականէ մինչեւ 500 լիթր ջուր:

Ֆրանսայի միւս մեծ քաղաքները, օրինակ՝ Նիսը եւ Փարիզը, արդէն արգիլած են ծխել քաղաքի լողափներուն: Մի քանի քաղաքներու, օրինակ՝ Սթրազպուրկի մէջ, արգելքը կը ներառէ նաեւ հանգիստի միւս բաց գօտիները, մասնաւորապէս, զբօսայգիները ու պուրակները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020