ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ

Ասիական զարգացման դրամատունը 2 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Աղէտներու արձագանգման Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի հիմնադրամէն կը կատարուի այս դրամաշնորհը։ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ կատարուելիք գանձատրման հիման վրայ Հայաստանին պիտի յատկացուի սոյն դրամաշնորհը, որ պիտի օգտագործուի տարրալուծարանային ախտորոշիչ եւ քննութիւններու կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով։ Նոյն միջոցներով պիտի գնուին խիստ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներ եւ պարագաներ՝ երկրի առողջապահական համակարգի բուժման կարողութիւնները բարելաւելու համար։

Ասիական զարգացման դրամատունը տեղեկացուց, որ լիովին նպատակայարմար կը համարէ այս դժուարին ժամանակաշրջանին մէջ Հայաստանին օգնելը։ Դրամատունը պատրաստակամութիւն յայտնած է սերտօրէն համագործակցելու համար կառավարութեան հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020