ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինութեամբ, երէկ, վարչապետի աւագ խորհրդական նշանակուեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ ան երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է։ Նիկոլ Փաշինեան արդէն ստորագրած է նշանակման վերաբերեալ որոշմնագիրը։

1999-2000 թուականներուն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Վաղարշակ Յարութիւնեան 2002 թուականի յուլիսին նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանագրով զրկուած էր հրամանատարի զինուորական կոչումէն։ Շուրջ տարի մը առաջ, Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերահաստատած էր Վաղարշակ Յարութիւնեանի կոչումը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020