ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Սուրիոյ մէջ երէկ ռուս հրամանատար մը յարձակման զոհ գնաց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ազգութեամբ ռուս ռազմական ոլորտի աւագ խորհրդականը ինքնաշարժներու շարասիւնի վրայ գործուած յարձակման հետեւանքով մահացաւ։ Բաց աստի, երկու ռուս զինուորներ ալ վիրաւորուեցան։

Դէպքը տեղի ունեցաւ Տէր Զօրի մօտակայքին՝ մարդասիրական բնոյթով շարժումի մը իրականացումէն վերջ, երբ զինուորական ինքնաշարժի շարասիւնը վերադարձի ճանապարհին էր։ Յարձակողները ինքնաշէն պայթուցիկ սարք մը օգտագործած են դէպքին ժամանակ։

Ռուս հրամանատարին արագօրէն բժիշկները օգնութեան հասած են, սակայն կարելի չէ եղած փրկել իր կեանքը։ Յետ մահու ան կը պարգեւատրուի։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ անհրաժեշտ ամբողջ օժանդակութիւնը կը ցուցաբերուի զոհուած հրամանատարի ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020