ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Երեւանի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու ժամկէտով՝ տասն տարի Սերժ Սարգսեան հանրապետութեան նախագահի պաշտօն կատարած էր։ Երկրէն ներս խորհրդարանական համակարգի հաստատման զուգահեռ, ան ստանձնած էր նախագահի պաշտօնը, սակայն յայտնի իրադարձութիւններու բերումով պարտաւորուած էր հրաժարիլ։ Իշխանութենէ հեռանալուն յաջորդած շուրջ երկու տարիներու ընթացքին Սերժ Սարգսեան պահեց լռութիւն։ Այժմ, մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի իր այս օրուան յայտարարութիւններուն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, սա ո՛չ միայն Սերժ Սարգսեանի երկու տարուայ լռութենէ վերջ առաջին ասուլիսն է, այլեւ՝ թերեւս անոր ամենամեծ ասուլիսը՝ հաշուի առնելով, որ իրեն հարցումներ ուղղելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան խորհրդարանի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր լրատուամիջոցները, առանց խտրականութեան։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մօտ 98 լրատուամիջոց հաւատարմագրուած է։ Ուստի, շուրջ հարիւր լրագրող այսօր հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Սերժ Սարգսեանին հարցումներ ուղղելու։

Այսօրուայ մամլոյ ասուլիսի հիմնական նիւթն է 2016 թուականի ապրիլի քառօրեայ պատերազմը։ Այս մասին Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ստեղծուած է յատուկ քննիչ յանձնախումբ մը, որ կը ծաւալէ համապատասխան ուսումնասիրութիւններ։ Անցեալ 16 ապրիլին այդ յանձնաժողովի նիստին մասնակցած էր Սերժ Սարգսեան եւ լրագրողներուն խոստացած՝ համաճարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութեան աւարտին պատասխանել լրագրողներու բոլոր հարցումներուն։ Թէեւ տակաւին արտակարգ դրութիւնը ի զօրու է, սակայն Սերժ Սարգսեան որոշած է պատասխանել զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Երեւանեան աղբիւրները ուշագրաւ կը նկատեն նաեւ այս օրուան մամլոյ ասուլիսի ժամկէտը։ Արդարեւ, խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողովն ալ կը պատրաստուի հրապարակել իր տեղեկագիրը։

Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ասուլիսը նախատեսուած է Երեւանի արուարձաններէն Աւանի «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրէն ներս՝ բացօթեայ կանաչ տարածքի մէջ։ Այդ համալիրի սեփականատէրն է նախկին երեսփոխան Ռուբէն Հայրապետեան, որու շուրջ իրաւական հարթութեան վրայ գործեր յառաջ կը տարուին։ Բաց աստի, այդ ճաշարանէն ներս տեղի ունեցած էր սպանութիւն մը։ Այս երկու հանգամանքները վիճելի կը համարուին շարք մը լրատուամիջոցներու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020