ՓՈՒԹԻՆ, ՄԵՐՔԷԼ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցներու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Հարկ է նշել, որ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցան ընտրութիւններ եւ յայտարարուեցաւ, որ վերընտրուած է նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ երկիրը։ Զուգահեռաբար փողոց դուրս եկած է մեծ զանգուած մը՝ պահանջելով, որ ընտրութիւններու արդիւնքը անվաւեր ճանչցուի։ Լուրջ լարուածութիւն առկայ է Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ եւ այս կացութիւնը ուշադրութիւն կը գրաւէ միջազգային բեմահարթակի վրայ։

Գերմանական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փութին եւ Մերքէլ յոյս յայտնեցին Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ իրադրութեան փութով բնականոնացման ուղղութեամբ։ Անկելա Մերքէլ ընդգծած է, որ Սպիտակ Ռուսիոյ կառավարութիւնը պէտք է ձեռնպահ մնայ խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնութիւն կիրարկելէ, անյապաղ ազատ պէտք է արձակուին քաղաքական բանտարկեալները եւ համազգային երկխօսութիւն պէտք է սկսի տագնապի յաղթահարման համար։

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցն ալ տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ եւ ընթացած է նոյն օրակարգով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020