ՔԱՐԱՆՁԱՒԱՅԻՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արջերու քարանձաւին մէջ պեղումներ կ՚իրականացուին․ գտածոները օգտագործուած են աւելի վաղ ժամանակներուն։ Այսպէս, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի (FPWC) նախաձեռնութեամբ սկսած են Վայոց Ձորի մարզէն ներս գտնուող Արջերու քարանձաւի հետախուզական հնագիտական պեղումները։ Աշխատանքները կ՚իրականացուին Եղեգնաձորի երկրագիտական թանգարանի արշաւախումբի հետ համատեղ։

Մասնագիտական արշաւախումբի պեղումներու արդիւնքին փաստագրուած են զանազան ժամանակաշրջաններուն վերաբերող խեցեղէն, քարէ գործիքներ, իսկ վերգետնեայ նիւթի նախնական ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է նէոլիթիք-էնէոլիթիք ժամանակշրջանի խեցեղէնի ներկայութիւնը։ Փաստագրուած է նաեւ, որ քարանձաւը օգտագործուած է շատ աւելի վաղ ժամանակներէն (25-35 հազարի տարի), որու մասին կը վկայեն նաեւ գտնուած մի քանի միջին եւ հին քարէդարեան գործիքները։ Աշխատանքներու ընթացքին փաստագրուած են նաեւ մեծ քանակութեամբ կենդանական ոսկորներու մնացորդներ, բաւական շատ մոխրաշերտ։

Ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020