ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՄՐՈՑ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղին համար։ Անցեալ տարուան աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած գիւղի գողտրիկ Ս. Աստուածածին եկեղեցին յետվերանորոգութեան օծուեցաւ ու պաշտամունքի բացուեցաւ տաղաւարի շաբաթավերջին։ Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր այս կարեւոր իրադարձութեան վրայ՝ մինչ քաղաքէս ալ բազմաթիւ ուխտաւորներ մեկնած էին մասնակցելու համար Վաքըֆլըգիւղի արարողութիւններուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց շաբաթավերջի բոլոր արարողութիւններուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, «Պարնապաս» հիմնարկի նախագահ՝ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիէն Տ. Փաթրիք Քորեպիսկոպոս Սուխտէօ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ գիւղին հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Անգլիոյ հայոց թեմէն ուխտաւորներն ալ մասնակցեցան արարողութիւններուն։
Շաբաթ յետմիջօրէին նախ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը, որու աւարտին նախատօնակի ժամերգութիւն ալ տեղի ունեցաւ՝ միշտ բարձր տրամադրութեան պայմաններով։ Վաքըֆլըգիւղի ծխական խորհուրդը երեկոյեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ կազմակերպեց ընթրիք մը։ Բաց աստի, երեկոյեան ժամերուն սկսաւ աւանդական խանդավառութիւնը, որ բնորոշեց նաեւ հարիսայի պատրաստութիւնը։
Երէկ առաւօտ, գիւղի եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։ Հոգեւորականաց դասը թափօրով մօտեցաւ նաեւ հարիսայի կաթսաներուն մօտ, ուր կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ եւ պատրաստուած աւանդական ուտեստը բաժնուեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, գիւղի մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի անուան ձօնուած այս համալիրին մէջ սեղանակիցներու շարքին էր նաեւ Սամանտաղի փոխ-քաղաքապետ Ատնան Էրեըլմազ եւ ոստիկան զօրաց հրամանատար հազարապետ Հարուն Պուլութ։
Յետմիջօրէի ժամերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցուց գիւղացիներուն եւ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ՝ զրուցելով զանազան նիւթերու շուրջ։
Երեկոյեան ալ հրաժեշտի ընթրիք մը սարքուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հիւրերուն համար։ Այս փուլին Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին անունով փայտեայ խաչքարեր նուիրուեցան Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանին եւ Տ. Փաթրիք Քորեպիսկոպոս Սուխտէոյին։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին նաեւ «Հայճար»ին եւ այլ անհատ ազգայիններու համար, որոնք իրենց նպաստը բերած էին գիւղի աղօթատան վերականգնման։ Նոյն առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ Տ. Փաթրիք Քորեպիսկոպոս Սուխտէոյին նուիրեց իր ձեռաց խաչը։
Ս. Աստուածածնի տաղաւարին առթիւ դէպի Վաքըֆլըգիւղ կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութեան ծրագիրը այսպէսով հասաւ իր աւարտին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ իր աթոռը։