ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր պետական այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցած էին, թէ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցեր։
Վլատիմիր Փութին երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Պաքու, ուր դիմաւորուելէ վերջ առաջնորդուեցաւ Ալիեւներու բնակարանը։ Իլհամ Ալիեւ եւ կողակիցը՝ Միհրիպան Ալիեւա ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ռուս ղեկավարը։ Լրատուամիջոցները սփռեցին Փութին-Ալիեւ անպաշտօն հանդիպումէն դրուագներ, որոնք կը ցոլացնէին ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտ։
Փութինի այցելութեան առթիւ Ռուսաստան յայտարարած է, որ պատրաստ է շարունակել աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։