ՏՈՂԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Սե­լի­նա Տո­ղան վեր­ջերս Պեր­լի­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ՝ հա­ւա­տի ա­զա­տու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին, ո­րու աշ­խա­տան­քը տե­ւեց եր­կու օր։ Աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան կրօ­նի ու խղճի ա­զա­տու­թեան ոտնձգու­թիւն­նե­րուն հա­մաշ­խար­հա­յին հե­տե­ւանք­նե­րը եւ ար­մա­տա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րը։ «Քոն­րատ Ա­տե­նաուըր» հիմ­նար­կին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­ժո­ղո­վի տան­տէր­ներն էին Գեր­մա­նիոյ Քրիս­տո­նեայ-դե­մոկ­րա­տա­կան միու­թիւն եւ Քրիս­տո­նեայ-ըն­կե­րա­յին միու­թիւն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ, որ ար­մա­տա­կա­նու­թեան հա­կա­թոյ­նը կը հան­դի­սա­նան հա­ւա­տի ու կրօ­նի ա­զա­տու­թիւ­նը։ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վին եւ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ Մեր­քէլ ընդգծեց, որ կրօ­նի ա­զա­տու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին ան­կա­րե­լի է լիար­ժէք ա­զա­տու­թեան մը մա­սին խօ­սիլ։ Ան կա­րե­ւո­րեց նաեւ կրօն­նե­րու մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւ­նը, ինչ որ պի­տի խրա­խու­սէ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցու­թիւ­նը։

ՃՀՓ­-ի ա­նու­նով Պեր­լի­նի մէջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Սե­լի­նա Տո­ղան, որ դրուագ­ներ փո­խան­ցեց տուեալ նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ Թուր­քիոյ փոր­ձա­ռու­թեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016