ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Հայաստանի Ազգային արխիւ, ուր նուիրեց հազուագիւտ փաստաթուղթեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Ազգային արխիւին յանձնեց 1915-ի վերաբերեալ կարեւոր փաստաթուղթեր։

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան եւ մասնագիտական անձնակազմը հիւրընկալեցին Արմէն Սարգսեանը։ Ամատունի Վիրաբեան այս առթիւ նշեց, որ այս փաստաթուղթերը ամենաարժէքաւորներու շարքին են, որոնք կը պահուին Ազգային արխիւէն ներս։ «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարները մեզի հասած են գերմանացի մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Արմին Վենկերի շնորհիւ եւ ահա այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մեր արխիւին յանձնեց այդ լուսանկարներու նեկաթիֆը, որ ինք ձեռք բերած էր ժամանակին։ Անոնք մշակուած են, դրուած են յատուկ ծրարներու մէջ, որոնք չեն վնասեր նեկաթիֆին», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ յայտնեց, որ Ազգային արխիւը Հայաստանի քաղաքական եւ պետական մարմիններէն մին է։ Իր խօսքով, Ազգային արխիւը շատ կարեւոր կառոյց մըն է եւ այնտեղ ի պահ դրուած իւրաքանչիւր փաստաթուղթի ետեւը կանգնած են մարդիկ, պատմութիւններ։ Փաստաթուղթերը յանձնելէ վերջ Արմէն Սարգսեան շրջայց մըն ալ կատարեց Ազգային արխիւէն ներս եւ այս առթիւ զրուցեց լրագրողներու հետ։ Ըստ իրեն, արխիւի մէջ պահուող փաստաթուղթերը շատ յաճախ կը խօսին այն բաներու մասին, որոնց մասին գրողները չեն կրցած խօսիլ։ «Պատմութիւնը մեր անցեալն է, մեր ինքնութեան մասն է եւ եթէ կ՚ուզենք մեր ապագան կառուցել, պէտք է գիտակցինք, թէ ի՛նչ եղած է մեր անցեալը, ո՛վ ենք մենք», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ ինք միշտ գնահատած է այն փաստաթուղթերը, որոնց միջոցաւ կարելի է գնահատել հայոց ինքնութիւնն ու արժէքները։ «Հայաստան կարիք ունի, որ այս կառոյցը ոչ միայն ըլլայ, շարունակէ փաստաթուղթեր հաւաքել, այլեւ ապրի։ Այս կառոյցը մեր քաղաքական եւ պետական մարմիններէն մին է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ ուրախութեամբ վերյիշեց, որ տասն տարի առաջ փաստաթուղթեր թուայնացնելու սարքաւորում մը նուիրած էր արխիւին եւ շատ ուրախացած էր։ Խօսելով Ազգային արխիւի շէնքի ֆիզիքական պայմաններուն մասին՝ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ վիճակը բաւարար է, սակայն եթէ հնարաւորութիւն ըլլայ, պէտք է լաւացնել։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային արխիւի համակարգչային շտեմարանին մէջ ի պահ դրուած են 1 միլիոն 300 հազար թերթ թուայնացեալ փաստաթուղթեր։

Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2004 թուականին։ Ամէն տարի հսկայական քանակութեամբ փաստաթուղթեր, ժապաւէններ, լուսանկարներ եւ ձայնագրութիւններ կը թուայնացուին այնտեղ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018