Նիքիթա Սիմոնեան՝ 2018-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան Դեսպան
Ֆութպոլի հայազգի անցեալի նախկին աստղ, մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Նիքիթա Սիմոնեան իր ծննդեան 90-ամեակին օրը դարձաւ Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2018 թուականի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքի դեսպան: Ան իր յուշա-վըկայագիրը ստացաւ Ռուսաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
«Շատ հաճելի է ստանալ աշխարհի ախոյենութեան դեսպանի կարգավիճակը: Ոչ մէկ վայրկեան կը կասկածիմ, որ մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի ամենէն բարձր մակարդակի վրայ: Մեծ յոյսով եմ, որ Ռուսաստան յաջող ելոյթներ պիտի ունենայ: Կ՚երազեմ անձամբ ներկայ գտնուիլ այդ մրցումներուն եւ վայելել ֆութպոլի լաւագոյն վարպետներուն խաղը», ըսած է Նիքիթա Սիմոնեան:
Միւս կողմէ, աշխարհի ախոյենութիւնը տեղի կ՚ունենայ 14 Յունիս-15 Յուլիս 2018 թուականին՝ Մոսկուայի, Սեն Փեթերսպուրկի, Քազանի, Նիժնի Նովկորոտի, Սարանսքի, Քալինինկրատի, Վոլկոկրատի, Էքաթերինկպուրկի, Սամարայի, Սոչիի եւ Տոնի Ռոսթովի մէջ: