ՃԻՀԱՆԿԻՐԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճիհանկիրի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այս առաւօտ Չանքայայի ապարանքին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորեց պաշտօնական արարողութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ եւ Իրաքի վերջին իրադարձութիւնները եւ տարածքաշրջանի կացութիւնը։

Անգարայի շփումները աւարտելէ վերջ, Ճիհանկիրի վաղը Իսթանպուլի մէջ պիտի մասնակցի Զարգացող ութ երկիրներու կազմակերպութեան (D-8) գագաթաժողովին։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Ռուսաստան քարիւղի վերաբերեալ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրած է Հիւսիսային  Իրաքի քրդական ինքնավարութեան հետ։ Այսպէս, «Ռոսնեւթ» ընկերութիւնը կը պատրաստուի կատարել 400 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխանցում մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017