ՏԱԹԵՒԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ, վերջերս, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբին համերգը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը կատարեց Կոմիտասի, Եկմալեանի, Մոցարթի, Վերտիի եւ Չայքովսքիի ստեղծագործութիւնները։

«Տաթեւը զարմանահրաշ կառոյց է։ Բազմիցս մասնաւոր այցով եղած եմ Տաթեւի մէջ, բայց այս անգամ, ի ուրախութիւն ինձ, այստեղ ելոյթ ունեցանք մեր երգչախումբով։ 1111-ամեայ իր բարձունքէն մեզ նայող Տաթեւի վանքը ջերմութեամբ հիւրասիրեց մեզ։ Խորհրդանշական է, որ Հոկտեմբերի 16-ին կը լրանայ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի գործարկման եօթներորդ տարեդարձը», ըսած է մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան։

Երգչախումբի համերգը մէկն է այն միջոցառումներէն, որոնք ուղղուած են Տաթեւի մէջ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի վերածնունդին։ Հեմերգին ներկայ էին Տաթեւի վանքի յարակից համայնքներու բնակիչները, բազմաթիւ հիւրեր եւ զբօսաշրջիկներ Հայաստանէն եւ արտերկրէն։

«Եթէ պատմութեան էջերը ուսումնասիրենք՝ կը տեսնենք, որ 1111 տարեկան Տաթեւի վանքը եղած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան դարբնոցը։ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի համերգը Տաթեւի վանքի բակին մէջ հայ հոգեւոր երաժշտութեան դարաւոր աւանդոյթներու պահպանման ու շարունակութեան լաւագոյն օրինակն է», նշած է Տաթեւի վանքի վանահայր Տ. Միքայէլ Վրդ. Գէորգեան։

«Երգչախումբի համերգը ինքնատիպ փորձ մըն էր նոյն տարածութեան մէջ զուգորդելու մեր մշակոյթի անցեալն ու ներկան. կազմակերպել Տաթեւի վանքի բակին մէջ մաէսթրօ Չեքիճեանի ղեկավարած երգչախումբի համերգը։ Թէ՛ Տաթեւը, թէ՛ երգչախումբը հոգեւոր եւ մշակութային բացառիկ արժէքներ են ոչ միայն հայերու համար։ Այս ձայները հնչած են աշխարհի լաւագոյն բեմերէն, իսկ Տաթեւը եւ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը կարողացած են համախմբել տարբեր ազգութիւններու ու դաւանանքի մարդիկը։ Ի վերջոյ, այս «հանդիպումը» վաղ թէ ուշ պէտք է կայանար։ Այս համերգը լաւ առիթ էր, որպէսզի վանքի յարակից համայնքներու բնակիչներն ու հիւրերը հաղորդակցին կենդանի առասպելի՝ մաէսթրօ Չեքիճեանի եւ անոր ղեկավարած երգչախումբի արուեստին հետ», ըսած է IDeA հիմնադրամի մշակութային ծրագրերու ղեկավար Էլէոնորա Մալխասեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017