ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆՈՒԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի «Տատեան» փողոցի անունը վերստին փոփոխութեան ենթարկուած է։ Խօսքը կը վերաբերի երբեմնի «Մապետ» փողոցին, որ վերջին շուրջ տասն տարուայ ժամանակաշրջանին ատեն-ատեն հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դարձած է վերանուանութեան հարցին բերումով։ Պաքըրգիւղի վերջին երկու քաղաքապետները՝ Աթէշ Իւնալ Էրզէն եւ Պիւլենտ Քերիմօղլու փափաքած են, որպէսզի այս փողոցը կոչուի «Տատեան», ձօնուելով արքունի վառօդապետներու գերդաստանի յիշատակին։ Հակառակ քաղաքապետներու նախաձեռնութիւններուն եւ կարգադրութիւններուն, միշտ ալ երկար ժամանակ Տատեաններու անունը պահել հնարաւոր չէ եղած։ Այս վերջերս ալ «Տատեան» փողոցի անունը դարձեալ փոփոխութեան ենթարկուած է ու վերանուանուած՝ «Մապետ»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021