ԼՈՅՏ ՕՍԹԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Թիֆլիզ կատարած այցելութեան ընթացքին մեկնաբանեց Անդրկովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով հարթակի մը ստեղծման առաջարկը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա բուռն ձեւով կը պաշտպանէ այս հարթակի ստեղծուիլը։ Փենթակոնի ղեկավարը Թիֆլիզի մէջ այս նիւթին անդրադարձաւ՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին։ Արդեօք այդ ձեւաչափին Վրաստանի մասնակցիլը ազդեցութիւն կը գործէ՞ անոր ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հնարաւորութեան վրայ։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Օսթին ըսաւ հետեւեալը. «Ինչ կը վերաբերի «3+3» ձեւաչափին, կ՚ընդգծեմ, որ Ռուսաստան պէտք է յարգէ 2008 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը, նախքան նոր հարթակներու մասին խօսիլը»։

Վերջերս այս ձեւաչափի ստեղծման շուրջ Մոսկուայի մէջ քննարկումներ ծաւալած էին նաեւ Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Ամիր Ապտուլլահիան։ Անոնք դրական գնահատական տուած էին այսպիսի նոր հարթակի մը ստեղծման։ Յաջորդած էր Թիֆլիզի արձագանգը՝ վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Այս վերջինը նշած էր, որ թէեւ իր երկիրը Ռուսաստանի հետ ունի տարաձայնութիւններ, սակայն պէտք է ներկայացուած ըլլայ այդ նախագծին մէջ։

«3+3» ձեւաչափը կ՚ենթադրէ նոյն հարթակին վրայ մէկտեղել Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը, Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021