ՈՉ ԵՒՍ Է ՍԱՄԻ ՔՈՀԷՆ

Թրքական զանգուածային լրատուութեան աշխարհը մեծ ցաւ կ՚ապրի իր երէց սիւնակագիրներէն մէկուն մահուան առթիւ. ոչ եւս է Սամի Քոհէն։ 93 տարեկան հասակին ան աչքերը փակեց կեանքին։ Սամի Քոհէն 67 տարիէ ի վեր կ՚աշխատակցէր «Միլլիյէթ» օրաթերթին՝ մասնաւորապէս յօդուածներ ստորագրելով արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Իր դիտարկումներն ու վերլուծութիւնները կ՚ունենային լուրջ բնոյթ։ Իր հայրն ալ՝ հոգելոյս Ալպէր Քոհէն լրագրող մըն էր։ Հրեայ համայնքէն այս յայտնի լրագրողը 1939-1949 թուականներուն հօրմէն ժառանգած թերթը՝ «Թուրքիոյ Ձայնը» հրատարակած էր։ Այդ մէկը լատինոյով եւ ֆրանսերէնով լոյս կը տեսնէր։ Սամի Քոհէն այդ թերթի հրատարակութիւնը շարունակած էր թրքերէնով եւ աւելի վերջ աշխատակցած էր թրքական մամուլի զանազան թերթերուն։ 1954 թուականին «Միլլիյէթ»ի անձնակազմին մաս կազմելէ վերջ իր գործունէութիւնը անընդհատ տեւականացուցած էր այդ թերթին մէջ։ Արժանացած էր Արտաքին գործոց նախարարութեան ծառայութեան մրցանակին։ Վերջին օրերուն Սամի Քոհէն խտացեալ խնամքի տակ առնուած էր երիկամներու անբաւարարութեան հետեւանքով։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի գործ դրուած բժշկական խնամքը բաւարար չէ եղած փորձառու մեկնաբանի առողջութիւնը վերականգնելու եւ ան մահկանացուն կնքած է՝ խոր ցաւ պատճառելով ընտանիքին եւ պաշտօնակիցներու շրջանակին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021