ԹԷ՛ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ԹԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ պատրաստ է հանդիպիլ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Օրերս Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս առիթով մը յայտնած էր, թէ պատրաստակամ է Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպելու համար։ Երէկ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Մենք շահագրգռուած ենք երկխօսութեան յաջող աւարտով։ Որեւէ հանդիպում, որ կը նպաստէ հասնիլ այդ յաջող աւարտին, ի հարկէ, կրնայ տեղի ունենալ։ Ես երբեք դէմ չեմ եղած այդպիսի հանդիպման։ Սակայն, այդ հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը պէտք է անկեղծօրէն եւ լուրջ քայլերու ձեռնարկեն երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման ուղղութեամբ։ Կը կրկնեմ՝ պատրաստ եմ այդպիսի հանդիպման։ Կը յուսամ՝ այդպիսի հանդիպում մը ի վերջոյ շօշափելի արդիւնքները կ՚արձանագրէ, եթէ տեղի ունենայ»։

Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ բանակցութիւններուն զուգահեռ Երեւան Պաքուի կողմէ կը տեսնէ ոչ-շինիչ եւ առաւելապաշտ պահուածք։ Մէկ կողմէ զանազան ձեւաչափերով աշխոյժ դիւանագիտական շփումներ տեղի կ՚ունենան, իսկ միւս կողմէ Ատրպէյճան կը փորձէ ուժի գործադրման սպառնալիքով ազդել բանակցութիւններուն վրայ։

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Նորվեկիոյ Արտաքին գործոց նախարար Աննիկեն Հիւտֆիլտը։ Իր պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է ամէն ջանք գործադրելու եւ նոյն խտութեամբ աշխատանքը շարունակելու՝ տարածաշրջանէ ներս ի վերջոյ կայուն, երկարատեւ ու արդար խաղաղութեան հասնելու համար։ Ակնարկելով սահմանի վրայ հրադադարի խախտումներուն՝ Միրզոյեան ընդգծեց, որ ակնյայտօրէն այդ գործողութիւնները չեն նպաստեր շինիչ մթնոլորտի ձեւաւորման եւ շինիչ բանակցութիւններու։

Վերջին օրերուն Ատրպէյճան կը շարունակէ հետեւողականօրէն սահմանի վրայ հրադադարը խախտել։ Քանի մը օր առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան պատրուակ կը փնտռէ Հայաստանի դէմ նոր յարձակումներ գործելու համար։ Այս բոլորը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը կը զուգադիպին, որ Եւրոմիութիւնը արդէն սահմանին վրայ առաքելութիւն մը տեղակայել կը պատրաստուի։ Միրզոյեան երէկ տեղեկացուց, որ այժմ կը քննարկուի նաեւ սահմանին վրայ ԵԱՀԿ-ի կողմէ եւս դիտորդներ տեղադրելու նիւթը։ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան կը շարունակէ պահանջել՝ Ատրպէյճանի զօրքերու իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս գալը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2022