ՎԵՐԱԳՏՆԵԼ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքի «Il Cinema Ritrovato» շարժանկարի փառատօնին ցուցադրուեցաւ Արբի Յովհաննիսեանի «Աղբիւր» շարժանկարը (պարսկերէնով «Չեշմէ», 1972) երկու անգամ՝ երկրորդը հեղինակին ներկայութեամբ։ Հարկ է նշել, որ պարսկահայ յայտնի շարժանկարի գործիչ, բեմագիր ու բեմադրիչ Արբի Յովհաննիսեանի կողմէ ստեղծագործուած «Չեշմէ»ն («Աղբիւր») դասուած է այս փառատօնի տասն ամենագնահատուած տիտղոսներուն շարքին։
Շարժարուեստը պէտք է վերստին յայտնաբերել, վերագտնել։ Այս է Պոլոնիայի «Il Cinema Ritrovato» շարժանկարի փառատօնին եզակիութիւնը, նպատակը։ Վերագտնելու համար պէտք է վերականգնել, ժամանակի տեւողութեան չդիմացած, վնասուած ժապաւէնները։ Փառատօնին կողքին կը գործէ հին շարժանկարներու վերականգնման կեդրոնը, ուր պատմական նշանակութիւն ունեցող հին բազմաթիւ շարժանկարներ վերականգնուելէ ետք կը ցուցադրուին։
Փառատօնը մեծագոյնն է իր տեսակին մէջ. այս տարի 9 օրուան երկայնքին 400 շարժանկարներ ցուցադրուած են։ Շարժարուեստի պատմութիւնը վերագտնելու նպատակով, դասական շարժանկարներու ցուցադրութեան կողքին, տեղ կը գտնեն շարժարուեստի պատմական դէմքեր, պատմական ժամանակաշրջան մը յայտնանշած շարժագրողներ, դերասաններ, երկիրներ, որոնց շարժարուեստը յատկանշական բեղուն շրջան մը ապրած է։ Պոլոնիայի փառատօնը իր 36-րդ տարուան յայտագրին մէջ՝ այս տարի յատուկ տեղ յատկացուցած է 1922-ին Պոլոնիա քաղաքը ծնած Փազոլինիին, անոր ծննդեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ։
Փառատօնի իւրայատկութիւններէն է նաեւ այն, որ առիթ կ՚ընծայէ շարժարուեստի մարզի մասնագէտներուն, ակնառու մեկնաբաններուն իրենց առաջարկները բերելու եւ ծրագրեր կազմելու, ներկայացնելու։ Այս առումով Արբի Յովհաննիսեանի «Աղբիւր»ը պարսկական շարժանկարներու յայտագրի մը մէջ ներառնուած է եւ առաջարկուած՝ Էհսան Խոշբախտի կողմէ, որ 2017-ին պարսկահայ շարժագրող Սամուէլ Խաչիկեանի շարժանկարները ներկայացուցած էր։
«Աղբիւր»ը Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւր» վէպի տիպարներուն հիման վրայ պատրաստուած շարժանկար է, երիտասարդ Արբի Յովհաննիսեանին կողմէ։ 1972-ին, ներկայացուած է Թեհրանի միջազգային անդրանիկ փառատօնին։ Շարժանկարի օրինակներէն մէկը Շարժարուեստի ֆիլմադարանի անուանի հիմնադիր՝ Հանրի Լանկլուայի շնորհիւ կը պահպանուի Ֆրանսայի Սինեմաթէքին մէջ։
Արբի Յովհաննիսեան իբրեւ հրաւիրեալ բեմադիր, շարժանկարի ցուցադրութենէն առաջ իր նախաբանին մէջ նշելով թէ իւրաքանչիւր ինքնուրոյն շարժագրող կը վերստեղծէ շարժարուեստի իր իւրայատուկ լեզուն, ըսած է, որ «Աղբիւր»ի պարագային՝ անոր շարժումի ընթացքն ու տեսարաններու տեւողութիւնը իրանական շարժարուեստին մէջ իրենց դրոշմը դրին։
Արբի Յովհաննիսեան առաւելաբար ճանչցուած է իբրեւ անուանի բեմադիր, սակայն շարժարուեստի մարզին մէջ ալ ունի իր կարեւոր ներդրումը։ Յատկապէս, սփիւռքահայ շարժանկարի պատմութեան մէջ։ Հայկական շարժարուեստը եւս վերագտնուելու կարիքն ունի։ Ճիշդ է «Ոսկէ ծիրան»ը որոշ ուղի մը հարթած է։ Սակայն, տակաւին ան հեռու է ըլլալէ այն ազատ բեմը, ուր հայկական շարժարուեստի ստեղծագործական բոլոր ուժերը անաչառօրէն ներկայացուած ըլլան։ Արբի Յովհաննիսեան անոնցմէ է, որ 19-ամեայ «Ոսկէ ծիրան»ի ընթացքին զանցուած է անոր ծրագրողներուն կողմէ եւ եղած է եզակի բացական։
Իրանական Նոր ալիքի հազուագիւտ գոհարը՝ «Չեշմէ»ն («Աղբիւր») բացայայտուած առեղծուածներու եւ ճնշուած կարօտներու ֆիլմ է. ինչպէս օրօր մը, ան քեզ կը ներքաշէ երազային վիճակի մէջ, առանց անպայման շօշափելի պատգամներ առաջարկելու: Թերեւս ասոր համար է որ փառատօնի աւարտին, սինեմայի գործիչներու մէջ հարցախոյզ մը կատարուած է, ուր Արբի Յովհաննիսեանի «Աղբիւր»ը՝ ցուցադրուած 400 աշխատանքներու մէջ ընտրուած է տասը լաւագոյն շարժանկաներու շարքին։
ՆԱԽԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ
Փառատօնի ղեկավարութեան հրաժեշտի խօսքէն.-
Երբ անոնք Փիազեթթա Փազոլինիի պատուանդանէն վերցուցին ծանր ու հոյակապ «La Nonna»ն (մեր ածխածնային աղեղային շարժանկար հեռարձակող գործիքը), եւ պաղպաղակ վաճառողը հաւաքեց իրերն ու գնաց տուն, պարզ դարձաւ, որ աւարտած է «Il Cinema Ritrovato XXXVI»ի հանդիսութիւնը։ Պարահանդէս մըն ալ ունեցանք։ Ութուկէս օրուան ընթացքին ցուցադրուեցաւ աւելի քան 400 ֆիլմ։ Քաղաքի ամէն մէկ անկիւնին կարելի էր սինեմա գտնել։
Անցեալ տարուան փառատօնի ամփոփումէն յետոյ, զոր շատերը տեսած են եւ կարդացած, մենք խնդրեցինք մեր գործընկերներէն, համադրողներէն, շարժանկարի պատմաբաններէն, համր ֆիլմերու նուագակցողներէն, գիտնականներէն եւ ներկաներէն, որ ընտրեն փառատօնէն երկու ֆիլմ՝ մէկը որպէս իրենց սիրելի ֆիլմը եւ միւսը՝ այս տարուան հունձքէն իրենց գլխաւոր յայտնագործութիւնը։
Պոլոնիայի փառատօնին կախարդանքը կը կայանայ անոր մէջ, որ մինչ մենք կը ցուցադրէինք մեզի սիրելի վարպետներուն ֆիլմերը (Հիչքոք, Լանկ, Օֆիւլս, Մելվիլ), այս հարցախոյզին առաջատար շարժագիրները ընտրուեցան՝ Նիսքանենը, Մուրատովան, Ֆրեկոնեսը, Շահիտ Սալեսը, Ռոսսին եւ Յովհաննիսեանը։ Եւ հիմա ուրեմն, սկիզբէն գրեցէք շարժարուեստի պատմութիւնները:
Կը տեսնուինք գա՛լ տարի։
«ՉԵՇՄԷ»Ի ՄԱՍԻՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆՆԵՐԸ
- Ճոշ Սիկէլ (MOMA-ԱՄՆ)
Մեծ վերաբացայայտում. «Չեշմէ» [«Աղբիւր»] (Արբի Յովհաննիսեան)
- Մինա Ռատովիչ (Սերպիա/Մեծն Բրիտանիա)
Մեծ բացայայտում՝ «Չեշմէ» [«Աղբիւր»] (Արբի Յովհաննիսեան)
Արբի Յովհաննիսեանի «Աղբիւր» ֆիլմը ինծի համար այս տարուան փառատօնին ամենամեծ բացայայտումն էր։ Շարժարուեստի հազուագիւտ աշխատանք, որը նոյնքան հազուագիւտ սխրանքով կ՚ուսումնասիրէ Իրանի գիւղական շրջաններու քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու յարաբերութիւնները։ «Աղբիւր»ը կ՚առանձնանայ յստակ բանաստեղծականութեամբ, անկեղծ մօտեցմամբ ժամանակի եւ տարածութեան նկատմամբ, եւ լուսանկարչական որակը, որ հիանալի կերպով կը հակադրուի նոյնպէս այս փառատօնի ընթացքի ցուցադրուած՝ Սոհրապ Շահիտ Սալեսի ժամանակակից աշխատանքին։
- Սելին Ռիւիվօ (Ֆրանսա)
Բացարձակ նախասիրութիւն՝ «Չեշմէ» [«Աղբիւր»] (Արբի Յովհաննիսեան)
- Ֆետոր Թոթ (Եուկոսլաւիա/Կալլէս)
Մեծ վերաբացայայտում. «Չեշմէ» [«Աղբիւր»] (Արբի Յովհաննիսեան)
... Միակ նախասիրուած մը ընտրելը գրեթէ անկարելի է: Բայց եւ այնպէս, ինծի համար «Չեշմէ»ն ստեղծեց շարժանկարի հազուագիւտ գերանցական (transcendental) պահերէն մէկը։
- Մարալ Մոհսենին (Զուիցերիա)
Բացարձակ նախասիրութիւն՝ «Չեշմէ» [«Աղբիւր»] (Արբի Յովհաննիսեան)
- Ռիմ Ուարթսի (Ֆրանսա)
Մեծ յայտնաբերում՝ «Չեշմէ» [«Աղբիւր»] (Արբի Յովհաննիսեան)
- Եւ Փառատօնի վարչութեան գնահատական խօսքերը.
«Մենք (Փառատօնի վարչութիւնս) անսահման ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Il Cinema Ritrovato»ի համադրողներէն, քննադատներէն, գիտնականներէն, պատմաբաններէն եւ արխիւագէտներէն խնդրուեցաւ ընտրել իրենց սիրելի ֆիլմերը (այս տարի ցուցադրուած 400 վերնագրերէն) եւ «Չեշմէ»ն յայտնուեցաւ փառատօնի լաւագոյն ֆիլմերու տասնեակին մէջ: Հազիւ թէ զարմանալի ըլլայ: Կը յուսանք, որ օր մը կը կարողանանք վերականգնել այդ գեղեցիկ ֆիլմը»։
*
«Il Cinema Ritrovato»ի փառատօնի յայտագրին մէջ Էհսան Խոշբախտի՝ «Չեշմէ» ֆիլմի նկարագրութիւնը եւ գնահատումը.
«“Չեշմէ”ֆիլմի ցուցադրութեամբ «Il Cinema Ritrovato»ն կարեւոր լրացում մը կատարեց 2017 թուականին իր բացած շարժանկարային նոր էջին՝ իրանահայերու սինեմայի բացայայտման գործին մէջ։ Եթէ Սամուէլ Խաչիկեանի ստեղծագործութիւնները զուրկ էին յատուկ հայկական տարրերէ, ապա Արբի Յովհաննիսեանի այս ֆիլմը լիովին կ՚ընդգրկէ անոր մշակութային արմատները՝ կախարդական կերպով միախառնելով զանոնք իրանական աւանդութիւններուն հետ։ Հակառակ հայկական մանրամասնութիւններով հարուստ բնոյթին եւ հայ գրող Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնարի աղբիւրը» վէպին (1935) վրայ հիմնուած ըլլալուն, ֆիլմը նաեւ զգալի թիւով թելեր ունի իրանական «Նոր ալիք» ֆիլմերուն հետ, յա՛տկապէս՝ մեկուսացման, զայրոյթի եւ օտարականներէն վախնալու տեսանկիւնէն։ Աւելի մօտ է աւանկարտին, քան իրապաշտական աւանդութիւններուն, որոնց համար յաճախ կը յիշուի իրանական սինեման, բայց եւ այնպէս Յովհաննիսեանը կարծես ունակ է ծառուղիներով, ծառերով եւ առուներով ֆիլմ նկարահանելու, միեւնոյն ժամանակ ապահովելով պատմութեան կամ անոր զգացողութեան փոխանցումը: Եթէ Ժաք Ռիվեթ վարպետօրէն կ՚արթնցնէ հանրային զբօսայգիներու առեղծուածները, Յովհաննիսեան ալ կը հաստատէ մասնաւոր մշակոյթի կարօտագին կախարդանքը, ուր ճիւղերը ծանրացած են մեղքի եւ ցանկութեան պտուղներով։
Աւարտելով Լոնտոնի Շարժարուեստի դպրոցը՝ Յովհաննիսեան դարձաւ Իրանի հանրայայտ թատերական բեմադիր եւ համագործակցեցաւ հռչակաւոր Փիթըր Պրուքի հետ, Շիրազի մէջ բեմադրելով Թետ Հիւզի «Օրկասթ»ը: Պարսկերէնի թարգմանեց Սամուէլ Պեքեթի գործերը, որ կը համապատասխանէ իրլանտացի թատերագրին մերկ, քարքարուտ միջուկի, որոշակի իրավիճակի մը հասնելու հանգիստ վճռականութեան։ Իր միակ գեղարուեստական ֆիլմին մէջ («Աղբիւր»ը Արբի Յովհաննիսեանի միակ գեղարուեստական շարժանկարը չէ, ան շարժագրած է «Թէ ինչպէս մօրս ասեղնագործ գոգնոցը կը սփռուի կեանքիս մէջ» ֆիլմը. հիւսուած Արշիլ Կորքիի, Վ. Շուշանեանի եւ Լ. Շանթի երկերէն), ան նուազեցնելով առանցքային շարժումները կը հասցնէ այն աստիճանի նուազագոյն շարժուձեւի, որ միշտ վտանգը կայ անոնց աննկատ անցնելուն»։