ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Հայաստանի Ազգային ֆութպոլի հաւաքականը երէկ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսիսային Մակեդոնիան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած այս մրցումը տեղի ունեցաւ Նիկոսիայի մէջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի C խմբաւորման երկրորդ ենթախումբի մրցումներու ծիրէն ներս։ Մրցումի միակ կոլը 55-րդ վայրկեանին արձանագրեց Յովհաննէս Համբարձումեան։ Հայկական ընտրանին թէեւ իտէալ կազմէն որոշ անուններու բացակայութեամբ մարզադաշտ դուրս եկաւ, սակայն յաջողեցաւ հասնիլ նպատակին։

Հայաստանի Ազգային ֆութպոլի հաւաքականը պատմութեան մէջ առաջին անգամ այսպէսով դարձաւ խմբային-որակաւորման փուլի մը յաղթողը։ Աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի մականին ներքեւ ան իրաւունք շահեցաւ հանդէս գալու ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի B խմբաւորման մէջ։ Երէկուան մրցումէն առաջ Մակեդոնիոյ հաւաքականը երկու միաւոր աւելի ունէր Հայաստանէն։ Եւս երեք նիշ ապահովելով հայկական ընտրանին դարձաւ յառաջատար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020