ՄԱՀ՝ ՄԱՆՈՒԷԼ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ մահկանացուն կնքեց զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան, որ «Արցախի հերոս» էր։ 1990-ականներու պատերազմի ժամանակ իր գլխաւորած զօրքերը արձանագրած էին կարեւոր յաջողութիւն։ Մանուէլ Գրիգորեան նախկին երեսփոխան էր եւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախկին նախագահը։

Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ ան ձերբակալուած էր։ Վերջին շրջանին առողջութիւնը վատթարացած էր լրջօրէն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020