ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԲԱԽՈՒԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ»

Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը։ Այսպէս, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները համախմբուեցան՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տանտիրութեամբ։ Ժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Փաշինեան անդրադարձաւ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն ու շեշտեց, որ Հայաստան կը բախուի լուրջ մարտահրաւէրներու, որոնք կը սպառնան իր անվտանգութեան։ Իր խօսքով, տարածաշրջանը կրկին ներքաշուած է լարուածութեան նոր փուլի մը մէջ, որու պատասխանատուն Ատրպէյճանն է։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ սահմանի վերջին բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է վեց զոհ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021