ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին երէկ փառաշուք հրաժեշտ մը տրուեցաւ պոլսահայութեան կողմէ։ Գումգաբուի մէջ որքան յուզումնախառն, այնքան ալ արտասովոր օր մը ապրուեցաւ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց իր հոգեւոր եղբօր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան կարգին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ պատարագեց եւ յընթացս Ս. Պատարագի կատարեց նորոգ վախճանեալ հայր սուրբին օծումը՝ խօսելով նաեւ կուռ դամբանական մը անոր յիշատակին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան Ս. Պատարագի ընթացքին ընթերցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ուղարկուած ցաւակցական պատգամը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական պատգամն ալ ընթերցուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեանի կողմէ։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի ցաւակցական պատգամը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի կողմէ։

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ. ինչպէս՝ Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ, նախարարութեան նահանգներու բաժանմունքէն Մեհմէտ Եիւզէր, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, ինչպէս նաեւ զանազան քաղաքապետարաններէ ներկայացուցիչներ։

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կողմէ ալ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս տխուր արարողութեան։ Այսպէս, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին անունով ներկայ էին՝ Տ. Աթէնակորաս Մետրոպոլիտը, Տ. Տիմիթրի Քահանան եւ Փաիսիոս Սարկաւագը։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի անունով յուղարկաւորութեան մասնակցեցան՝ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանն ալ ներկայ գտնուեցան վերջին օծման։ Ասորի Ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդի ներկայացուցիչն էր Տ. Միքայէլ Քահանան։ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլըի առընթեր Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն ալ ներկայ գտնուեցաւ յուղարկաւորութեան։ Հրեայ համայնքի ներկայացուցիչն էր խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան եւս յուղարկաւորներու շարքին էին։ Ի լրումն այս բոլորին, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգելոյս հայր սուրբի ընտանեկան անդամները եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւս փութացած էին իրենց վերջին յարգանքին առարկայ դարձնելու հայրս սուրբը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին իրենց հոգեւոր եղբօր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ալ յանուն Աթոռին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման շրջանին ցաւակցութիւն յայտնած էին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Թաղման կարգն ալ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեանի։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դամբանախօսեց «Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ քեզ» բնաբանով։ Ան Աւագ շաբթուան սեմին Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին արտասանուած այս տողերը յիշատակելով, ներկայացուց դռնբացէքի դրուագը։ Յաջորդաբար յայտնեց, թէ մահը այս դրուագին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր, քանի խորհրդանշօրէն արքայութեան դրան արջեւ կ՚աղաչէ հանգուցեալը, ներսէն կը պատասխանեն հրեշտակները։ Դրան առջեւը կը ներկայացնէ խաւար աշխարհը իսկ ներսը՝ լուսաշող արքայարանը։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոնէական լոյս հաւատքի սկզբունքները կը դառնան այս դրան բանալին եւ հանգուցեալ անձ մը վայելել կը սկսի իր իսկ հաւատացած Տիրոջը ներկայութիւնն ու զօրութիւնը։ Այս շրջագծով յայտնեց, թէ հայր սուրբը ամբողջացնելով իր երկրաւոր առաքելութիւնը հասած էր դէպի երկինք փոխադրման հանգրուանին։ Ան, իր հաւատքի սկզբունքներով շատ ատեն ցուցաբերած էր կեանքի հաւատքը եւ ի վերջոյ պիտի արժանանար իր իսկ քարոզած Տիրոջ։

Պատրիարք Հայրը այս գիծով դրուատեց վախճանեալ հայր սուրբի կեանքը սկսեալ իր ընտանիքէն։ Ան ծնած ըլլալով հաւատացեալ ընտանիքի մէջ փոքր տարիքէն արդէն վարժուած էր Աստուծոյ եւ եկեղեցիին։ Հասակ նետելէ յետոյ եկեղեցական դառնալու կոչումը ի զուր չէր յայտնուած իր մէջ։ Այս պաշտօնին հասնելու համար բաւականին աշխատած եւ եկեղեցական դառնալէ յետոյ ջանացած էր եկեղեցւոյ մէջ աշխատիլ ամենայն կարգապահութեամբ ու ջանասիրութեամբ։ Իր ստանձնած դիւանապետի պաշտօնով եւ հաղորդականութեամբ շատ մը շփումներ ունենալու յաջողութիւնը ձեռք բերած էր յօգուտ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։ Իր վախճանումով պոլսահայ եկեղեցին իրապէս կը կորսնցնէր իր կարեւոր սպասաւորներէն մին։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ շատ մը եպիսկոպոսներուն նոյնիսկ չվիճակուած փառքով կը յուղարկաւորուէր հայր սուրբը։  Այս առումով, ան աղօթեց, որպէսզի նոր կոչումներ ծնունդ առնեն Հայ Եկեղեցիէն եւ ի մասնաւորի Պատրիարքական Աթոռէ ներս, որպէսզի հայր սուրբի գործունէութիւնը շարունակական մնայ ժողովուրդին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021