ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Եռակողմանի այս ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ զանազան հարցեր՝ մասնաւորապէս երկրի նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին վերաբերեալ էական մանրամասնութիւններ։ Եռակողմանի հանդիպումէն վերջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելիք յանձնաժողովի աշխատանքներուն ուղղութեամբ կարեւոր փուլ մը թեւակոխած են։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Ժընեւի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին մէկտեղուած են Աստանայի գործընթացի երաշխաւորները՝ Ռուսաստանը, Իրանը եւ Թուրքիան։ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցած այս ժողովի աւարտին Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ այդ յանձնաժողովի պարագային առաջարկուած անուններու ցուցակին մէջ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին։ Բայց եւ այնպէս, քաղաքացիական հասարակութեան անունով ցուցակին մէջ ընդգրկուելիք տարրերու պարագային կրնան տարակարծութիւններ գոյութիւն ունենալ։ Այս նիւթին կապակցութեամբ երաշխաւոր երկիրները եւ ՄԱԿ-ը միասնաբար աշխատանք կը տանին։

Ըստ Չավուշօղլուի, երէկուան ժողովին ընթացքին անուններուն առընթեր օրակարգի վրայ եկան նաեւ սահմանադրութիւնը մշակելիք յանձնաժողովին կողմէ որդեգրուելիք սկզբունքներուն եւ գործունէութեան կանոններուն վերաբերեալ հարցեր։ Այս գործընթացը կամաց-կամաց կ՚ընթանայ դէպի իր աւարտը։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու աւելցուց, որ երաշխաւոր երեք երկիրները իրենց ջանքերը պիտի շարունակեն խտացումով։

«Մենք կը նախատեսենք, որ այս յանձնաժողովը իր առաջին նիստը գումարէ յառաջիկայ տարուան առաջին ամսուան մէջ։ Այսօրուան մեր ժողովը եկաւ ապացուցանել, որ Սուրիոյ պարագային քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն շօշափելի արդիւնքները», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ այս առումով երէկուան ժողովն ալ ծայր աստիճան արդիւնաւէտ եղած է։ Այդ ժողովները Սուրիոյ ապագային տեսակէտէ, քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար դրական հեռանկարներ կը խոստանան։ Թուրքիան ալ, ըլլալով կարեւոր դերակատար մը, պիտի շարունակէ իր նպաստը բերել այս գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018