ԱՐՑԱԽՑԻ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄ

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը արցախցի երեխաներուն համար կը հնչեցնէ «Սառցէ սիրտը» երաժշտաշարը։ Այսպէս, Արցախէն Հայաստան եկած երեխաներուն տօն պարգեւելու նպատակով դեկտեմբերի 24-էն մինչեւ 27-ը «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս պիտի ցուցադրուի օսքարակիր «Սառցէ սիրտը» շարժանկարի շարքը, որու երաժշտական հատուածները կը կատարէ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, նուագախումբը կը ղեկավարէ ռուս խմբավար Միխայիլ Կոլիքով, իսկ մեներգչուհի Կարինա Ատեկամովա կը կատարէ մեներգային հատուածները։

Սոյն բարեգործական միջոցառման հրաւիրատոմսերը առաջնահերթ կերպով կը բաշխուին Արցախէ տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ տակաւին օթեւանող, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմի մարտական գործողութիւններու ընթացքին զոհուածներու երեխաներուն համար։

«Արցախի մեր մանուկները 2020 թուականին ստիպուեցան յաղթահարել բազում դժուարութիւններ, իսկ անոնցմէ շատեր տակաւին կ՚անցնին յետպատերազմական զրկանքներու միջով։ Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ ընել ամէն ինչ՝ գոնէ նուազագոյնս գունաւորելու համար անոնց տարեվերջի տրամադրութիւնը», ըսուած է  նուագախումբի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախաձեռնութիւնը կ՚իրականացնեն Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրը, «Sure» առցանց հարթակը, «Ներդաշնակ մանկութիւն» բարեգործական հիմնադրամը եւ «Զապոմնի» ընկերութիւնը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020