ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ

Պրիւքսելի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի երրորդ ժողովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել եւ Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման ու հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյի։ Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններուն առընթեր Այվազեան առանձին հանդիպումներ ալ ունեցաւ Պորելի եւ Վարհէյիի հետ։

ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի երրորդ նիստին ժամանակ քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, ԵՄ-ի հաւանական դերը՝ վերականգնման եւ հաշտեցման աջակցելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային այլ հարցեր։

Պրիւքսելի քննարկումներուն ժամանակ եւրոպական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ որոշ դեր մը ստանձնելու համար։ Ժոզէֆ Պորել յայտնեց, որ ԵՄ կ՚ակնկալէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութեան շարունակուիլը եւ բանակցութիւններու վերսկսիլը։ Ի դէպ, «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Ժոզէֆ Պորել փորձած է իր մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպում մը կազմակերպել՝ ներգրաւելով Արա Այվազեանը եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Բայց եւ այնպէս, ան հնարաւորութիւն չէ ունեցած երկու նախարարները Պրիւքսելի մէջ մէկտեղելու։

Միւս կողմէ, Պրիւքսել այցելութեան ընթացքին Արա Այվազեան հանդիպում մը ունեցաւ Պելժիոյ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Սոֆի Վիլմեսի հետ՝ քննարկելով տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցեր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020