ՓՈՒԹԻՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՄԵԾՑՈՒՑԱԾ Է ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հրադադարի համաձայնութիւնը հետեւողականօրէն կ՚իրականացուի եւ ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՚ընեն իրավիճակը կայունացնելու համար։

Փութին երէկ ԱՊՀ-ի առցանց գագաթաժողովին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գագաթաժողովէն բացակայեցաւ՝ իր հօր յուղարկաւորութեան պատճառով։ «Արդէն նշուած է, որ Ռուսաստան որոշ միջնորդական ջանքեր գործադրած է՝ դադրեցնելու համար արիւնահեղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հասնելու համար ամբողջական հրադադարի եւ սկսելու համար կայունացման գործընթացի։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք փորձեցինք հետեւիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս ձեռք բերուած հիմնական պայմանաւորուածութիւններուն», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։

Բաց աստի, գագաթաժողովի ընթացքին ռուս ղեկավարը շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը մեծցուցած է տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկչութեան տարածման սպառնալիքը։

Նոյն գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Այս առթիւ ան դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին արդէն կարելի է խօսիլ անցեալ ժամանակով։ Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ Հայաստան գիտակցաբար տապալած է բանակցային գործընթացը՝ որպէս օրինակ մէջբերելով Փաշինեանի եւ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կարգ մը յայտարարութիւնները։ Յամենայնդէպս, Ալիեւ ելոյթին մէջ փորձեց որոշ չափով խնայել ու պաշտպանել Փաշինեանը եւ մեղադրանքներ հասցէագրեց Հայաստանի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի դէմ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020