ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՒԱՔ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը այս տարի եւս Ամանորի առթիւ համախմբուեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք մը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ, հոգեւորականաց դասը թափօրով մը մուտք գործեց Մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն։ Հոգեւոր հայրերը արարողութեան աւարտին միասնաբար երգեցին «Տէր ողորմեա»ն։ Ապա, թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորի առթիւ խօսք ուղղեց իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց կողմէ մատուցուած ծառայութեան մասին՝ մեր եկեղեցիներու պայծառութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Նորին սրբազնութիւնը մաղթեց, թէ նոր տարուան ընթացքին փոխանակ խռովութեան՝ տիրէ խաղաղութեան ոգին։

Յանուն հոգեւորականաց դասուն արտայայտուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր փոխանորդի բարեմաղթանքներուն համար եւ անոր յղեց փոխադարձ շնորհաւորութիւններ։

Ելոյթներէն վերջ հոգեւոր հայրերը Ամանորի բարձր տրամադրութիւնով զիրար շնորհաւորեցին ու փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Հաւաքի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հոգեւոր հայրերուն նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի 2019 թուականի պաշտօնական օրացոյցը։

Միւս կողմէ, ընդհանուր փոխանորդը Ամանորի առթիւ մէկտեղուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմի անդամներուն հետ։ Նորին սրբազնութիւնը անձնակազմը հիւրասիրեց աւանդական անուշապուրի սեղանին շուրջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց, որ տարի մը եւս կարելի դարձած է նման ձեւաչափով համախմբման համար։ Ան յայտնեց, որ բոլոր ուրախ ու տխուր դէպքերով անցեալ տարին հասած է իր աւարտին։ Ան անձնակազմի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալ տարուան տեւողութեան միասնաբար ծաւալուած աշխատանքին համար, բաց աստի, նոր տարուան համար ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորութիւններու առընթեր օրհնեց անձնակազմը ու բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց՝ իրենց ընտանիքներով հանդերձ։ Նորին սրբազնութիւնը մաղթեց, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ օրհնաբեր եւ արդիւնաւէտ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ անոր անձնակազմի անդամներուն համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019