ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ՎԵՑ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԴՀԱՏՈՒՄԷ ՄԸ ՎԵՐՋ ՎԵՐՍԿՍԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ վերսկսան քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ 2010 թուականէն ի վեր ընդհատուած էին այդ շփումները։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին զուգահեռ՝ վեց տարուան ընդհատումէ մը վերջ այդ շփումներն ալ վերսկսան։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւնները, որոնք 15-րդն են իրենց տեսակին մէջ։ 1987 թուականէն ի վեր տեղի կ՚ունենան այս խորհրդակցութիւնները։ Վեց տարուան ընդհատումէ մը վերջ վերսկսած խորհրդակցութիւններուն ծիրէն ներս երէկ աչքէ անցուեցան այն նիւթերը, որոնք կը զբաղեցնեն Թուրքիա-Իսրայէլ համատեղ օրակարգը։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ մանաւանդ ուժանիւթի, տնտեսութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն։
Բանակցութիւններու քաղաքական բաժնին մէջ կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ՝ յատկապէս խոշորացոյցի տակ բերելով Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի լայն գօտին։ Կողմերը համակարծիք են, թէ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան տեսակէտէ։ Քաղաքական խորհրդակցութիւններու վերսկսելուն զուգահեռ՝ երկկողմանի բնականոնացման գործընթացէն ներս կ՚ակնկալուին քայլեր՝ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Նոյն ծիրէն ներս կ՚ակնկալուի նաեւ փոխադարձ այցելութիւններուն կազմակերպումը։
Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պատուիրակութիւնները գլխաւորեցին արտաքին գործոց նախարարութիւններու խորհրդատուները՝ Իւմիթ Եալչըն եւ Եուվալ Ռոթեմ։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Ավճը այս հիման վրայ յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Իսրայէլ։